Եկեղեցիները՝ փոխարինուած, գերեզմանները՝ աւերուած․ զեկոյց Բաքուի կողմէն Արցախին մէջ իրականացուող մշակութային ոչնչացումին մասին․ Le Figaro 

  • by Editbeglari, July 19, 2024 in Լուրեր
274 դիտում

Օրէնքի եւ արդարատադութեան Եւրոպական կեդրոնն (ECLJ) արբանեակային պատկերներու հիման վրայ մանրամասն կը նկարագրէ 2023ի Սեպտեմբերին Բաքուի վերայսկողութեան տակ անցած Արցախին մէջ հայկական ժառանգութեան յուշարձաններու տագնապալի անհետացումը եւ ոչնչացումը:

ֆրանսական Le Figaro թերթն, անդրադառնալով այս զեկոյցին, գրած է, որ այս ամէնը ոչ միայն 2023ի Սեպտեմբերին Բաքուի ռազմական գործողութենէ ետք հայրենի հողէն բռնի տեղահանուած 100․000 հայերու վախն է, այլեւ իրաւունքի եւ արդարութեան եւրոպական կեդրոնին կողմէն արուած եզրակացութիւն:

Միջազգային քրիստոնեական ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը մանրամասն կը նկարագրէ մշակութային ոչնչացումը, որն կիրականացուի Բաքուի կողմէն տարածաշրջանը։ Աւերուած են եկեղեցիները եւ գերեզմանատուները, հանուած են խաչերը: 

«Աս «լկտի եւ կործանարար քաղաքականութիւնը» կօգտագործէ ռեւիզիոնիզմն Արցախին մէջ հայերու ժառանգութեան ոչնչացումին համար»»,- կը զգուշանայ Ստրասբուրգին մէջ տեղակայուած կազմակերպութիւնը։ 

Թերթը կը գրէ՝ Արցախի տարածաշրջանը, որը հնագոյն ժամանակներէն շարունակաբար հայերով բնակեցուած եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Արեւելեան Հայաստանի եւ Բաքուի միջեւ վիճարկուող տարածաշրջան է, կայ շուրջ 500 մշակութային վայր, որտեղ կը պահուին հայկական ժառանգութեան շուրջ 6000 մասունքներ: 

2020ի 44-օրեա պատերազմին արդիւնքը Արցախի տարածքի գրեթե 70%-ն յայտնուած էր Բաքուի լուծին տակ։  2023ի Սեպտեմբերին Արցախի ամբողջ տարածքը բռնազաւթելէն ետք Բաքուն հետեւողականօրէն մերժած է օտարերկրեա դիտորդներու մուտքը մշակութային օբյէկտներ՝ չնայած Հայաստանի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու բազմաթիվ խնդրանքներուն։  

Այսպիսով, հետազոտողներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէն հաւաքուած արբանեակային պատկերներու միջոցով օրէնքի եւ արդարատադութեան Եւրոպական կեդրոնը կրցաւ ճշգրիտ գոյքագրիլ աւերուած եկեղեցիները, անյայտ կորած արձանները կամ աւերուած գերեզմանատուները:

Շարունակելի․․․