Երբ վաւերագրերն աւելի քան խօսուն են 

  • by WesternArmenia, October 10, 2026 in Լուրեր
92 դիտում

2020 թուականի Հոկտեմբեր 2-7-ը, Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի ընթացքին, միջազգային կառոյցներն ու շարք մը պետութիւններու ներկայացուցիչներ հանդէս եկան ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու, քաղաքացիական բնակչութիւնը պաշտպանելու եւ հակամարտութիւնը խաղաղ միջոցներով կարգաւորելու կոչերով։

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը շեշտեց, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, իսկ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները դատապարտեցին բռնութիւնները՝ ընդգծելով արտաքին ուժերու ներգրաւման վտանգը։ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ու Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Թուրքիոյ ռազմական ներգրաւուածութեան եւ Սուրիայէն զինեալներու տեղափոխման վերաբերեալ։

Նոյն ժամանակահատուածին, Չիլիի խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատը ընդունեց Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը դատապարտող բանաձեւ մը։ Միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ հնչեցին նաեւ հրադադարի հաստատման, բանակցութիւններու վերսկսման եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան կոչեր։

Հոկտեմբեր 7-ին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց համախմբուելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ՝ ընդգծելով Արցախի եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած վտանգները։

Այս օրերուն հնչած յայտարարութիւններն ու ընդունուած փաստաթուղթերը կարեւոր պատմական վկայութիւններ են՝ 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին միջազգային արձագանգները, տարբեր պետութիւններու դիրքորոշումները եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերը հասկնալու համար։