Երեւանի ու Բաքուի միջեւ համաձայնութիւնը յնարաւոր է, բայց կողմերը պետք է գնան ծանր փոխզիջումներու. ԱՄՆ պետքարտուղարութիւն

  • by Editbeglari, July 16, 2024 in Լուրեր
296 դիտում

Արեւելեան Հայաստան ու Բաքուն մեծ առաջընթաց են գրանցած եւ երկար ճանապարհ անցած՝ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հարցին մէջ, յայտարարած է ԱՄՆ պետքարտուղարին խօսնակ Մեթիւ Միլերն ու յաւելած, որ Վաշինգտոն կը շարունակէ հորդորիլ կողմերուն խաղաղութեան պայմանագիրին կնքման հարցին մէջ: 

«Երկու երկրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը շատ մեծ նշանակութիւն կունենայ այդ երկրներու համար։ Այն մեծ նշանակութիւն կունենայ տարածաշրջանի, խաղաղութեան, կայունութեան, տարածաշրջանի անվտանգութեան համար։ Մենք, իրոք, կը կարծենք, որ համաձայնութիւնը հնարաւոր է, բայց այն կը պահանջէ երկու կողմերուն կատարիլ բարդ ընտրութիւններ եւ գնալ ծանր փոխզիջումներու»,- ընդգծած է ան: 

Միլեր յայտնած է, որ Վաշինգտոնին մէջ կողմերն արձանագրած են առաջընթաց, սակայն հրաժարուած է տրամադրիլ որեւէ մանրամասներ:

«Մենք դեռ համաձայնութիւն չունենք եւ չենք ալ պատրաստուի հանգստանալ մինչեւ չհասնինք ատոր»,- եզրափակած է  Միլեր:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդը կը փորձէ միջազգային հանրութեանը յիշեցնիլ, որ միջազգային Դաշնագիրն արդեն կայ, ատ Սեւրի Դաշնագիրն է։