Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը խստօրէն դատապարտած է Արցախի Գանձասարի վանքին մէջ վերջերս կազմակերպուած ցուցադրութիւնը՝ զայն գնահատելով իբրեւ վանքին հայկական քրիստոնէական պատմական ինքնութիւնը խեղաթիւրելու փորձ։
Պատրիարքութեան յայտարարութեան համաձայն՝ օտարերկրեայ դիւանագէտներու ներկայութեամբ ցուցադրուած են ձեռագիրներու թանգարանային կրկնօրինակներ, որոնց միջոցով առաջ քաշուած են Գանձասարի պատմութիւնը վերաձեւակերպող պնդումներ։
Պատրիարքութիւնը կոչ ուղղած է Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ միջազգային հանրութեան՝ պաշտպանելու Արցախի հայկական քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ չընդունելու պատմական փաստերու խեղաթիւրման փորձերը։ Նշուած է, որ Գանձասարի եւ հայկական եկեղեցական ժառանգութեան պատմութիւնը դարեր շարունակ ուսումնասիրուած եւ փաստագրուած է միջազգային գիտական ու մշակութային հաստատութիւններու կողմէ։
