Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը կոչ կ’ուղղէ շարունակական աջակցութիւն եւ երկարաժամկէտ ներառման միջոցառումներ ապահովելու՝ Արցախէն տեղահանուած հայերուն համար 

  • by Editbeglari, June 17, 2026 in Լուրեր
126 դիտում

Ստրասպուրկ, 16 Յունիս 2026

Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Մայքըլ Օ’Ֆլահերթին, Հայաստան կատարած այցելութենէն ետք հրապարակած իր յուշագիրին մէջ ընդգծած է, որ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերը կը շարունակեն կարիք ունենալ երկարաժամկէտ աջակցութեան եւ արդիւնաւէտ ներառման քաղաքականութեան։

Յանձնակատարը բարձր գնահատած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած քայլերը, մասնաւորաբար քաղաքացիութեան ստացման գործընթացի դիւրացումը, բնակարանային եւ ընկերային աջակցութեան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ զբաղուածութեան ոլորտներուն մէջ իրականացուող նախաձեռնութիւնները։ 2026 թուականի Փետրուար ամսուան դրութեամբ՝ աւելի քան 20 հազար արցախահայ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն։

Միեւնոյն ժամանակ, յուշագիրին մէջ նշուած է, որ բազմաթիւ տեղահանուածներ տակաւին կը բախին փաստաթուղթերու վերականգնման, բնակարանային ապահովման եւ ընկերային իրաւունքներու լիարժէք իրացման հետ կապուած դժուարութիւններու։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի նաեւ տեղահանուած կիներու եւ աղջիկներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան։

Յանձնակատարը Հայաստանի իշխանութիւններուն կ’առաջարկէ մշակել մարդու իրաւունքներու վրայ հիմնուած համապարփակ ներառման ռազմավարութիւն մը՝ արցախահայերու անմիջական մասնակցութեամբ, շարունակել քաղաքացիութեան եւ փաստաթղթաւորման գործընթացներու դիւրացումը, ինչպէս նաեւ պահպանել անհրաժեշտ ընկերային աջակցութեան ծրագիրները։

Յուշագիրին մէջ նաեւ շեշտուած է, որ արցախահայերուն համար կը շարունակէ կարեւոր մնալ իրենց հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը, իսկ միջազգային հանրութեան կոչ կ’ուղղուի շարունակելու աջակցիլ անոնց ներառման եւ վերականգնման գործընթացներուն։