44-օրեայ պատերազմի զոհուած եւ անյայտ կորսուած զինծառայողներու խումբ մը ծնողներ այսօր կրկին բողոքի ցոյց կատարած են Ազգային ժողովի շէնքին մօտ՝ պահանջելով հանրայնացնել 2020-ի պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող ԱԺ քննիչ յանձնաժողովի զեկոյցը։
Ցոյցի նախաձեռնող խումբի անդամ, փաստաբան Յարութիւն Բաղդասարեանի խօսքով՝ նախորդ Ազգային ժողովը զեկոյցը չէ հրապարակած, իսկ փաստաթուղթը ուղարկուած է ԱԺ-ի յատուկ բաժին, ուր պատգամաւորները հնարաւորութիւն ունեցած են ծանօթանալու անոր բովանդակութեան։ Գաղտնիութեան նշման պատճառով պատգամաւորները չեն կրնար հրապարակել զեկոյցը։
«Լոյսի ճրագ» ՀԿ-ն, «Հայ ազգային ճակատ»-ը եւ «Վերածնուող Արցախ» ՀԿ-ն նոր գումարման Ազգային ժողովին հանրագիր ներկայացուցած են՝ պահանջելով վերանայիլ նախորդ որոշումը, վերացնել զեկոյցի գաղտնիութիւնը եւ զայն ներկայացնել հանրութեան։
Յարութիւն Բաղդասարեանի փոխանցմամբ՝ իրենց համար էական չէ, թէ ով պատասխանատու է զեկոյցի չհրապարակման համար։ «Մեզի համար կարեւորը զեկոյցի հրապարակումն է»,– ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ իրենց համոզմամբ՝ զեկոյցը չհրապարակելու իրաւական հիմքեր չկան։
Ծնողները յայտարարած են, որ պայքարը պիտի շարունակեն նաեւ արտախորհրդարանական ճանապարհով՝ հրապարակային ցոյցերով եւ այլ նախաձեռնութիւններով։ Անոնք կը սպասեն, որ նոր Ազգային ժողովի պատգամաւորները եւս պիտի անդրադառնան պատերազմի հանգամանքներու ուսումնասիրութեան եւ զեկոյցի հրապարակման հարցերուն։
