Պատերազմէն վեց տարի անց ալ զոհուածներու եւ անհետ կորսուածներու թիւերուն շուրջ կը շարունակեն շրջանառուիլ տարբեր տուեալներ ու հակասութիւններ։ «Փաստ»-ը հարց կը բարձրացնէ՝ ինչո՞ւ մինչեւ այսօր չեն հրապարակուած զոհուածներու եւ անհետ կորսուածներու ամբողջական անուններու ցանկերը։
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ պատերազմին անմիջապէս յաջորդած շրջանին թիւերու ճշգրտման անհրաժեշտութիւնը հասկնալի էր, սակայն վեց տարի անց արդէն հնարաւոր էր վերջնականապէս ճշդել տուեալները եւ հրապարակել անուն-մականունները։
Հեղինակին կարծիքով՝ ամբողջական անուններու ցանկի հրապարակումը կրնայ վերջ դնել տարբեր մեկնաբանութիւններու եւ կասկածներու։ Այդ պարագային զոհուածներու եւ անհետ կորսուածներու հարազատները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ստուգելու պաշտօնական տուեալները, իսկ հասարակութիւնը՝ համոզուելու ներկայացուած թիւերու ճշգրտութեան մէջ։
Յօդուածին մէջ կը շեշտուի, որ միայն հերքումներով կասկածները չեն վերանար։ Անոնց վերջնական լուծման համար անհրաժեշտ է հրապարակել բոլոր զոհուածներու եւ անհետ կորսուածներու անունները։
