Երեւանի աւագանիի «Մայր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Սարգիս Տէր-Եսայեան դիմատետրի իր էջին վրայ տեսանիւթ հրապարակած է՝ կից գրելով. «Ահազանգ Աղի լիճէն.
Ըստ մշտական բուժում ստացած քաղաքացիներուն՝ օրերս թրքալեզու տղամարդիկ այցելած էին, կը նայէին եղէգներուն ու կը զրուցէին։ Չի բացառուիր, որ անոնց է օտարուած Երեւանի համայնքին պատկանող այս օգտակար տարածքը»։
