Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանը վերջին օրերուն ենթարկուած է ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլական ռեժիմի կողմէ իրականացուող ամէնէն ուժեղ օդային հարուածներէն մէկուն՝ պատերազմի սկիզբէն մօտ տաս օր անց։
Տեղական աղբիւրներու համաձայն՝ գիշերուան ընթացքին կործանիչները ցած բարձրութեամբ թռիչքներ կատարած են քաղաքին վրայ եւ տասնեակ հզօր ռումբեր նետած տարբեր թաղամասերու վրայ։ Հարուածներուն հետեւանքով ուժգին պայթիւններ լսուած են ամբողջ քաղաքին մէջ, իսկ որոշ շրջաններու մէջ ժամանակաւորապէս անջատուած է ելեկտրամատակարարումը։
Բնակիչներու խօսքով՝ պայթիւններուն ժամանակ երկինքը լուսաւորուած է ուժեղ փայլատակումներով, իսկ որոշ հատուածներու մէջ վնասուած են ուժանիւթային ենթակառուցուածքները։ Չնայած վտանգին՝ միլիոնաւոր բնակիչներ կը շարունակեն մնալ իրենց տուներուն մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ կը հաղորդուի, որ հարուածներ հասցուած են նաեւ Իրանի այլ քաղաքներու՝ ներառեալ Իսֆահան եւ Քարաջ։
Իրանի իշխանութիւնները կը յայտնեն, որ ռմբակոծութիւններուն հետեւանքով վնասուած են բնակելի շէնքեր, հիւանդանոցներ եւ այլ քաղաքացիական կառոյցներ։ Միեւնոյն ժամանակ երկրին մէջ կը շարունակուի համազգային համացանցային սահմանափակումը, ինչ որ զգալիօրէն կը դժուարացնէ տեղեկատուութեան տարածումը։
