Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի երրորդ գումարման պատգամաւոր Նարինէ Սահակեան Յունուար 21-ին տեղի ունեցած նիստին ատեն նշած է, որ Հայաստանը միշտ շրջապատուած է եղած թշնամի պետութիւններով, ովքեր փորձած են կործանիլ կամ պառակտիլ Հայաստան աշխարհը․
«Ես իմ գործունեութեանս ընթացքը ունեցած եմ բազմաթիվ գաղափարներ եւ ծրագիրներ իմ Հայրենիքիս պետականակառուցումին մղված, որոնք իրագործելու համար անհրաժեշտ են լծակներ։ Ատ կրնա ինծի տալ իմ պաշտօնս։
Ստանձնելով պատգամաւորին աշխատանքը՝ ես լիովին կը գիտակցեմ բոլոր այն դժվարութիւններն ու խնդիրները, որոնք ծառացած են իմ ազգիս եւ հայրենիքիս առջեւ։ Աշխատանքին բերումով ծանօթ եմ խնդիրներուն, որոնք կառնչուին իմ ազգիս հետ։ Չնայած մէկ ազգ եւ մեկ լեզու ունենալուն` այսօր մենք բազմակրօն, բազմալեզու եւ բազմադաւան ենք։ Ունենալով լեզուն` մենք միմեանց հետ կը շփուինք տարբեր օտար լեզուներով։
Ես ազգային նպատակ մը ունիմ‘ իմ մասնագիտական յմտութիւններս կիրառիլ՝ ի շահ իմ հայրենիքս, Ի յամախմբում ազգս։
Մենք միշտ շրջապատուած ենք եղած թշնամիներով, որոնք փորձած են մեզի կործանիլ` ամենեն տարբեր ճանապարհներով ՝ փորձելով երկպառակտութիւն սերմանիլ մեր ազգին մէջ, օտարել ու թշնամացնել միմեանց նկատմամբ։ Մեր ազգին մէջեն ձգտած են վերացնիլ «մենք»-ի յաւաքական միասնականութեան ոգին, որովյետեւ մեր թշնամիները քաջ կը գիտակցեն, որ հայութեան միասնականութեան պարագային, ոչինչ եւ ոչ ոք չի յաղթէ մեզի։ Շատերն են ձգտած մեզի ստրկացնիլ եւ կործանիլ։ Շատ հնագոյն ազգեր այսօր ձուլուած են եւ անհետացած։ Բայց մենք կանք։ Եւ անցնելով բազմաթիւ փորձութիւններու միջով, աւելի թրծուած ենք, աւելի զորաւոր։
Մեզի մէջ ձգտած են սպանիլ հայուն ոգին և լեզուն։ Քանզի լեզուն կը միաւորէ։
Մշակոյթը կը միաւորէ։
Մենք այսօր սփռուած ենք աշխարհին տարբեր ծայրերը։ Եկե՛ք ատ համարենք ոչ թէ խոչընդոտ, այլ փորձենք վերածիլ յնարաւորութիւններու` Մեր միասնական ընդհանուր մէկ հայրենիքի կառուցման համար։ Ի վերջոյ, ամէն խոչընդոտ մը կարելի է վերածիլ յնարաւորութեան։
Եկե՛ք Մեր ազգին այս բազմալեզու եւ բազմակրօն էութիւնն աշխատեցնենք հօգուտ մեր Հայաստանի կառուցման Սուրբ գործի։
Թող հայրենասիրութիւնը դառնա Մեր լեզուն, իսկ միացեալ հայրենիքի գաղափարը՝ նպատակը։
Յանուն յայրենիքի,
Սիրով եւ յարգանքներով`
Նարինէ Սահակեան,
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովին պատգամաւոր»։
