Թուրքիոյ նոր դասագիրքով Հայաստանի տարածքը կը ներկայացուի իբրեւ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» 

  • by WesternArmenia, October 23, 2026 in Լուրեր
96 դիտում

Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած «Թրքական աշխարհի մշակութային ատլաս» դասագիրքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը կը ներկայացուի համաթրքական գաղափարախօսութեան ծիրէն ներս՝ իբրեւ պատմական թրքական կամ ատրպէյճանական բնակավայրերու տարածք։

Ինչպէս կը գրէ «Ազգ» թերթը, հրատարակութեան մէջ կը գործածուի «Արեւմտեան Ատրպէյճան» քաղաքական թեզը, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2022 թուականէն ի վեր կը կապէ ատրպէյճանցիներու՝ Հայաստան «վերադառնալու» պահանջին հետ։ Նոյն դասագիրքին մէջ առանձին անդրադարձ կայ նաեւ Իրանի Ատրպատականին, որ կը ներկայացուի «Հարաւային Ատրպէյճան» անուանումով։

Գիրքը Թուրքիոյ դպրոցներու աշակերտներուն տրամադրուած է 2026-2027 ուսումնական տարուան դասագիրքերուն հետ։ Նման ներկայացումները մտահոգութիւն կը յառաջացնեն պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսումնական նիւթերուն մէջ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ տարածաշրջանի պատմութեան խեղաթիւրման վերաբերեալ։