ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփը կտրուկ նախազգուշացում յղած է Իրանին՝ պահանջելով անհապաղ հեռացնել Հորմուզի նեղուցի մէջ հնարաւոր տեղադրուած ծովային ականները։ Իր խօսքով, եթէ Թեհրանը չկատարէ այս պահանջը, ապա կրնայ բախիլ ռազմական հետեւանքներու՝ «մինչ այժմ չտեսնուած մակարդակով»։
Միաժամանակ, Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու կազմի ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ տարածաշրջանին մէջ կրնան թիրախաւորուիլ օտարերկրեայ նաւերը, ինչը աւելցուցած է լարուածութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող նեղուցին մէջ։
Հորմուզի նեղուցը կը համարուի աշխարհի ամենակարեւոր ծովային ուղիներէն մէկը, որով կ’իրականացուի համաշխարհային նաւթային փոխադրումներու զգալի մասը։ Վերլուծաբանները նշած են, որ այնտեղ ստեղծուած ցանկացած լարուածութիւն կրնայ ազդել ոչ միայն տարածաշրջանային անվտանգութեան, այլ նաեւ միջազգային ուժանիւթային շուկաներուն վրայ։
