ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իրանի հետ հակամարտութիւնը այս կամ այն կերպ շուտով պիտի աւարտի․ կա՛մ Թեհրան գործարքի պիտի երթայ, կա՛մ Ուաշինկթըն վերջ պիտի տայ անոր։
«Մենք արդէն այսպիսի յաղթանակ մը տարած ենք եւ շատ շուտով ամէն ինչ պիտի աւարտենք՝ այս կամ այն կերպ։ Կա՛մ անոնք գործարք պիտի կնքեն, կա՛մ մենք պարզապէս վերջ պիտի տանք այս ամէնուն», ըսած է Թրամփ՝ Right Side Broadcasting Network-ին (RSBN) տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
Նախագահին խօսքով՝ ասիկա «թերեւս դիւրին ճանապարհն է»։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Աբբաս Արաղչի Կիրակի յայտարարած է, որ Թեհրան կը յուսայ՝ Ուաշինկթըն ողջամիտ մօտեցում պիտի ցուցաբերէ եւ պիտի նախընտրէ դիւանագիտութիւնը՝ զինուած հակամարտութիւնը վերսկսելու փոխարէն։
«Մենք դիւանագիտական ջանքեր կը գործադրենք եւ կը յուսանք, որ միւս կողմը ողջամիտ մօտեցում պիտի ցուցաբերէ եւ պիտի ընտրէ դիւանագիտութիւնը՝ միւս տարբերակներուն փոխարէն», նշած է նախարարը։
Միաժամանակ Արաղչի ընդգծած է, որ իրանական զինուած ուժերը կը պատրաստուին ռազմական գործողութիւններու հաւանական վերսկսման։
Շաբաթ օրն ալ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարած է, որ Թրամփ կը նախընտրէ Իրանի հետ տարակարծութիւնները լուծել բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, այլ ոչ թէ ռազմադաշտին վրայ։ Ատլանթայի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռուպիօ նշած է, որ «Նախագահ Թրամփ կը նախընտրէ հարցին դիւանագիտական լուծումը»։
Միաժամանակ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարը կարծիք յայտնած է, որ ամերիկեան զինուած ուժերը բաւարար հզօրութիւն ունին՝ անհրաժեշտութեան պարագային իրանական հարցը ուժային միջոցներով լուծելու համար։
