Ժնեւին  եւ Բեռնին մէջ քննարկումներու առանցքը Արցախն է եղած

  • by Editbeglari, July 15, 2024 in Լուրեր
331 դիտում

Արցախի Ազգային Ժողովի որոշմամբ ստեղծուած Արցախահայերու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հանձնախումբի անդամներէն բաղկացած խումբը «Միջազգային քրիստոնեական համերաշխութիւն» կազմակերպութեան հրավերով այցելած է Ժնեւ ե  Բեռն։
Վարդան Օսկանեանի գլխաւորած պատւիրակութիւնը շարք մը հանդիպումներ է ունեցած ՄԱԿ տարբեր գործակալութիւններու ներկայացուցիչներու, Ժնեւին եւ Բեռնին մէջ գործող իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու եւ հետազոտական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ անդամ երկրներու ներկայացուցչութիւններու  հետ։

Քննարկումներու ծերէն ներս Արցախէն տեղահանուած հայերու հաւաքական վերադարձին իրաւունքի, Բաքուին մէջ ձերբակալուած հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման, Արցախին մէջ հայկական պատմա-մշակութային ժառանգութիւնը Բաքուի պղծումէն եւ ոչնչացումէն պաշտպանելու հարցերը:

Վարդան Օսկանեան կոչ է ըրաղ հետաքննիլ Արցախի էթնիկ զտումներու փաստը։ Այցի շրջանակները հանձնախումբի անդամները հանդիպած են նաեւ Շուէցարիոյ մէջ հայ համայնքին ներկայացուցիչներու հետ՝ Նախագահ Արմենակ Աբրահամեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի ԱԳ փոխնախարար Վարդան Սիմոնեան։