Նախորդ շաբաթ յայտնի դարձաւ, որ Պաքուն հայկական կողմին ներկայացուցած է հերթական մեղադրանքը՝ յայտարարելով, թէ հայկական կողմը Հայաստան տեղափոխած է Դադիվանքէն որմնանկարներ, խաչքարեր եւ այլ մշակութային արժէքներ։
Ատրպէյճանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, զարգացման եւ վերականգնման պետական ծառայութեան ղեկավար Սապինա Հաճիեւա յայտարարած է, թէ Դադիվանքէն հանուած որմնանկարներու եւ խաչքարերու մասին տեղեկութիւնները տակաւին 2025 թուականի Հոկտեմբերին փոխանցուած են Ինթերբոլին եւ ներառուած՝ «Գողցուած արուեստի գործեր»ու տուեալներու շտեմարանին մէջ։
Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանի խօսքով՝ նախ պէտք է հասկնալ, թէ արդեօք ատրպէյճանական կողմը Ինթերբոլին փոխանցա՞ծ է տուեալներ, որոնք ներառուած են, ինչպէս ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ, «Գողցուած արուեստի գործեր»ու տուեալներու շտեմարանին մէջ։
«Ատրպէյճանական կողմը բազմիցս ստած է, այդ պատճառով չեմ գիտեր, թէ այդ յայտարարութիւնը որքանով հաւաստի է։ Մենք լաւ գիտենք, որ Ատրպէյճանը մշտապէս սուտ յայտարարութիւններ կ՚ընէ, որեւէ պաշտօնեայի յայտարարութեան չեմ հաւատար։
Բացի այդ, Ինթերբոլին, իր կանոնագրութեան 2-րդ յօդուածով, արգիլուած է նման պատմական կամ քարոզչական, մշակութային, ցեղային հակամարտութիւններու մէջ մտնելը։ Կը կարծեմ, եթէ նոյնիսկ Ատրպէյճանը դիմած է Ինթերբոլին, ուրեմն՝ ուզած է, որ այդ կառոյցը դառնայ Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական աշխարհաքաղաքական ճնշումներու մասնակիցը»,- 168.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Րաֆֆի Քորթոշեան։
Րաֆֆի Քորթոշեան յիշեցուցած է բազմաթիւ դէպքեր, թէ ինչպէս Ատրպէյճանը բռնագրաւուած Արցախի մէջ ոչնչացուցած է հայկական եկեղեցիներ եւ խաչքարեր, որոնց վերաբերեալ տարածուած են բազմաթիւ տեսանիւթեր։ Հետեւաբար, եթէ հայկական կողմը Արցախէն որեւէ խաչքար դուրս բերած է, ապա այդ խաչքարը փրկած է ատրպէյճանական վանտալիզմէն։
«Եթէ Հայաստան տեղափոխուած է գէթ մէկ խաչքար, ապա ասիկա համահունչ է միջազգային օրէնքին, քանի որ Ատրպէյճանը Արցախի մէջ վանտալիզմի ենթարկած ու կ՚ենթարկէ խաչքարերը, եկեղեցիները, կը պղծէ սրբանկարները, նոյնիսկ կը կրակէ խաչքարերուն վրայ։ Այս ամէնը վկայող տարբեր փաստեր կան։ Չեմ խօսիր այն մասին, որ Ատրպէյճանը, ուր որ ձեռքը կը հասնի, կը քանդէ եկեղեցիներ ու խաչքարեր՝ բոլորը հայկական։ Նախիջեւանի ամբողջ յուշարձանները, Հին Ջուղայի խաչքարերը ձեզի օրինակ։
Անոր համար, եթէ նոյնիսկ մէկ խաչքար հանուած է Արցախէն, կը նշանակէ՝ այդ խաչքարը փրկուած է ատրպէյճանական վանտալիզմէն»,- ընդգծած է Րաֆֆի Քորթոշեան։
Նշենք, որ 2020-էն մինչեւ այսօր Ատրպէյճանը Արցախի մէջ ոչնչացուցած է տասնեակ եկեղեցիներ՝ զանոնք հիմնայատակ քանդելով, ինչպէս նաեւ քանդած է գերեզմանատուներ եւ հայ հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողներ։ Հիմնայատակ քանդուած են նաեւ տարբեր գիւղեր, այդ շարքին՝ Քարին Տակը, ուր նոյնպէս սրբավայրեր կան։
