Բաքուի նախագահն Կանադայի նորանշանակ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Քեւին Հեմիլթոնի հավատարմագրերն ընդունելիս շարք մը անիմաստ եւ անհիմն յայտարարութիւններ է ըրած վերստին հաստատելով Արեւելեան Հայաստանի նկատմամբ իր տարածքային պահանջները եւ մեր երկրի ներքին գործերուն միջամտելու անշեղ ուղեգիծը։ Ասոր մասին կ՚ահազանգէ «Գարդման-Շիրուան-Նախիջեւան» համահայկական միութիւնը։
Կը նշեն՝ իսկական զաւեշտ է, երբ միջազգային իրաւապաշտպան կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու գնահատմամբ բռնապետական ճանաչուած երկրի նախագահը մեղադրանքներ է կը հմչեցնէր մեր երկրի հասցեին այն պարագային, երբ հէնց ինքն է վերջին տարիներուն առնուազն երկու խոշորամասշտաբ պատերազմ սկսած Արեւելեան Հայաստանի եւ Արցախին դէմ՝ իրենց բոլոր հնարաւոր հետեւանքներով, որոնք կարելի է աներկբայօրէն բնորոշիլ որպէս մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններ։
Միջազգային իրաւունքին մասին խօսելիս արդեօ՞ք Իլհամ Ալիեւ չի մտաբերէր Արցախին 120 հազար հայութեանը, երբ անմեղ քաղաքացիական բնակչութեանը էթնիկ եւ ռասայական խտրականութեան հիմքին վրայ հասուց հումանիտար աղետի։ Արդեօ՞՞ք միջազգային իրաւունքին արմատական ոտնահարում չի ռազմական, քաղաքական, քարոզչական, հումանիտար այնպիսի պայմաններու ստեղծումը, որոնք կարելի է մեկտեղիլ էթնիկ զտում արտայայտությամբ եւ բնորոշիլ որպէս ցեղասպանականութիւն։
«Արդեօ՞ք Բաքուի նախագահը չի վերհիշէր 1988 թ․ Սումգայիթի, 1990 թ․ Բաքուի, 1992 թ․ Մարաղայի եւ հայկական ու հայաբնակ այլ բազմաթիվ բնակավայրերու մէջ հայութեան նկատմամբ իրականացուած ջարդերն ու կոտորածները, թալանն ու բռնի տեղահանումը, որու հետեւանքով ամբողջ պատմական Գարդմանի, Շիրուանի եւ Նախիջեւանին տարածքը զրկուեցաւ հայկական ներկայութենէ։ Մի՞թէ Իլհամ Ալիեւ չի մտաբերէր, թէ ինչպէս է յղացած, օրինակ, Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատան ոչնչացման գաղափարը, կամ թէ ինչպէս ստացուեցաւ, որ այսօր մարդու իրաւունքներու մասին խօսող նախագահը տարիներ առաջ հերոսացուց հայ սպային կացնահարած իր հայրենակցին»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ։
«Գարդման-Շիրուան-Նախիջեւան» համահայկական միութիւնը խստորէն կը դատապարտէ Բաքուի նախագահին յայտարարութիւնները։
