Իսրայէլական զօրքը հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւային շրջաններուն 

  • by Editbeglari, September 21, 2026 in Լուրեր
112 դիտում

Իսրայէլական բանակը գիշերը հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւը գտնուող շարք մը բնակավայրերու ուղղութեամբ, կը յայտնէ Al Jazeera-ն։

Ըստ լրատուամիջոցին՝ հրետակոծութեան ենթարկուած են, մասնաւորաբար, Նապաթիէ նահանգի Նապաթիէ էլ-Ֆաուքա եւ Զաութար էլ-Շարքիա քաղաքները։

Բացի այդ, կը նշուի, որ շարք մը բնակավայրերու մէջ, այդ շարքին՝ Բարաշիթի եւ Հադասի, նկատուած է իսրայէլեան զրահամեքենաներ, որոնք պարեկութիւն կատարած են փողոցներուն մէջ։

Աւելի առաջ հաղորդուած էր, որ հակառակ իսրայէլական բանակի եւ Լիբանանի միջեւ Յունիս 26-ին ստորագրուած շրջանակային համաձայնութեան՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին (ՑԱՀԱԼ) եւ «Հեզպոլլահ»-ին միջեւ պարբերաբար ռազմական բախումներ տեղի կ՚ունենան։