Չորեքշաբթի օր, իսրայէլական հրետանին գնդակոծած է Հարաւային Լիբանանի Մաճտալզուն, ալ-Մանսուրի, Քունինէ, Պարաաշիթ եւ Զաւթար ալ-Շարքիյէ բնակավայրերը։ Անկէ առաջ, գիշերային պայթումներ տեղի ունեցած էին սահմանամերձ Խիամ, Թալուսա եւ Պանի Հայյան քաղաքներուն մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ, Իսրայէլի մէջ ուշադրութեան կեդրոնը ընտրութիւններու արդիւնքներն էին։ Քուէարկութեան մասնակցութիւնը հասած էր աւելի քան քառորդ դարու ընթացքին արձանագրուած ամենաբարձր մակարդակին՝ մեծցնելով արդիւնքներուն հանդէպ հանրային հետաքրքրութիւնը։
