Լիբանանի Բեքաայի հովիտին մէջ Իսրայէլական ռեժիմի բանակին իրականացուցած յարձակման հետեւանքով զոհուած է 4 մարդ, որոնց շարքին՝ հինգ եւ եօթ տարեկան երեխաներ։ Այս մասին յայտնած է Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
Ըստ Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութեան՝ յարձակման հետեւանքով վիրաւորուած է նաեւ մէկ կին։ Հարուածը իրականացուած է Մաշղարա քաղաքի բնակելի տան վրայ։
Իսրայէլական կողմը նախապէս ալ թիրախաւորած էր Բեքաայի հովիտը՝ յայտարարելով, թէ այդ շրջանին մէջ գոյութիւն ունի «Հեզպոլլահ»-ի ենթակառուցուածք, եւ կոչ ընելով բնակիչներուն հեռանալ որոշ շրջաններէն։
