Յօդուածագիր Յովսէփ Հայրենին անդրադարձած է իսրայէլեան եւ թրքական վարչակարգերուն միջեւ աճող լարուածութեան խորապատկերին վրայ Հայերու ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ ծաւալող քաղաքական քննարկումներուն։ Անոր գնահատմամբ՝ վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, թէ պատմական հարցերը յաճախ կ’օգտագործուին նաեւ որպէս արտաքին քաղաքականութեան եւ աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան գործիք։
Հեղինակը կը նշէ, որ Իսրայէլի կողմէ Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման նախաձեռնութիւնը եւ անոր յաջորդած զարգացումները տարբեր արձագանգներ յառաջացուցած են շրջանի երկիրներուն միջեւ։ Ան նաեւ կ’անդրադառնայ Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշման՝ շեշտելով, որ Երեւանը խուսափած է նիւթին քաղաքական շահարկումէ։
Յօդուածին մէջ կը վերլուծուին նաեւ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները՝ ընդգծելով, որ տարածաշրջանային քաղաքական զարգացումները կը շարունակեն ազդեցութիւն ունենալ Հայերու ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին շուրջ ձեւաւորուող օրակարգին վրայ։
Հարկ է նշել, որ հեղինակն իր յօդուածին մէջ չէ անդրադարձած Արեւմտեան Հայաստանի իշխանութիւններուն պաշտօնական դիրքորոշման՝ Իսրայէլի վարչակարգին կողմէ Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վերաբերեալ՝ ակնյայտօրէն գիտակցելով, որ Հայերու ցեղասպանութիւնը գործադրուած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, եւ ոչ թէ Արեւելեան Հայաստանի։
