Մարտի 2-ին «Հեզբոլլահ»-ի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմի սկիզբէն ի վեր իսրայէլեան հարուածները Լիբանանի մէջ աւելի քան 3000 մարդու մահուան պատճառ դարձած են։ Այս մասին յայտնած է երկրի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
«Մարտի 2-էն Մայիսի 18 ժամանակահատուածին հարձակման զոհերու ընդհանուր կուտակային թիւը կը կազմէ 3020 նահատակ եւ 9273 վիրաւոր»,- ըսուած է գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ։
Զոհուածներու շարքին կան մինչեւ 18 տարեկան 211 անձ եւ առողջապահութեան 116 աշխատակից։
Ապրիլ 17-ին Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադար հաստատուած է, սակայն մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին։
