Իսրայէլեան վարչակարգի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, թէ երկրի զինուած ուժերը պիտի ընդլայնեն Լիբանանի մէջ իրականացուող ռազմական գործողութիւնները։
Յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ Երկուշաբթի երեկոյեան Telegram-ի միջոցով տարածուած տեսանիւթի մը մէջ, ուր ան ընդգծեց, թէ Իսրայէլեան վարչակարգը կը շարունակէ մնալ պատերազմական վիճակի մէջ Հեզպոլլահի հետ։ Նեթանիահու նաեւ նշեց, թէ ռազմական գործողութիւնները ոչ միայն պիտի չդադրին, այլ ընդհակառակը՝ պիտի աւելնան եւ աւելի լայն ծաւալ ստանան։
Այս յայտարարութիւնը հնչեց՝ հակառակ Լիբանանի հետ անցեալ ամիս ձեռք բերուած եւ վերջերս երկարաձգուած հրադադարի համաձայնութեան։ Սակայն Իսրայէլեան վարչակարգի վարչապետը շեշտեց, թէ բանակը «չի մեղմացներ ճնշումը», այլ պիտի աւելցնէ հարուածներու ուժգնութիւնն ու յաճախականութիւնը։
Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութիւնը (NNA) հաղորդեց, թէ իրավիճակի սրացումը խուճապ յառաջացուցած է եւ ստիպած բազմաթիւ բնակիչներու լքել Պէյրութի հարաւային արուարձանները, որոնք կը համարուին Հեզպոլլահի ազդեցութեան հիմնական կեդրոններէն։
Սրացումը տեղի ունեցաւ նաեւ Լիբանանի «Ազատագրութեան օր»-ուան համատեքստին մէջ, որ կը յիշեցնէ 2000 թուականին իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերումը երկրի հարաւէն՝ 18-ամեայ բռնագրաւումէ ետք։
Միեւնոյն ժամանակ կը շարունակուին ամէնօրեայ հարուածները Լիբանանի հարաւը։ Աւելի կանուխ արձանագրուած էին յարձակումներ Թիւր եւ Նապատիէ շրջաններուն մէջ, ուր Քֆար Ռեման քաղաքին մէջ չորս մարդ զոհուած է, իսկ երեք ուրիշներ՝ վիրաւորուած։ Նապատիէի ալ-Միտան թաղամասին մէջ իրականացուած հարուածները վնաս հասցուցած են բնակելի շէնքերու եւ շիայական համայնքային կեդրոնի։
