Իսրայէլը սպիտակ ֆոսֆոր օգտագործած է Լիբանանի բնակելի թաղամասերուն մէջ

  • by Editbeglari, March 09, 2026 in Լուրեր
132 դիտում

Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Human Rights Watch յայտարարած է, որ իսրայելական բանակը սպիտակ ֆոսֆոր պարունակող զինամթերք կիրառած է Լիբանանի հարաւի Յոմոր քաղաքին մէջ։
Կազմակերպութեան հետազօտողները հաստատած են եւ աշխարհագրաբար նոյնականացուցած եօթ լուսանկար, որոնց մէջ կ’երեւի, թէ ինչպէս սպիտակ ֆոսֆորով զինամթերքները կը պայթին եւ կը տարածուին բնակելի թաղամասերուն վրայ։ Նշուած է, որ միջադէպը տեղի ունեցած է Մարտի 3-ին։

Իրաւապաշտպաններու խօսքով՝ սպիտակ ֆոսֆորը շատ թունաւոր առարկայ է։ Այն օդի խոնաւութեան կամ մարդու շնչուղիներուն մէջ կրնայ առաջացնել ֆոսֆորական թթու, իսկ թթուածնի հետ շփուելով հեշտօրէն կը բռնկի՝ յառաջացնելով հրդեհներ։

Թէեւ որոշ բանակներ այն կ’օգտագործեն որպէս ծուխ ծածկելու միջոց՝ ռազմական շարժումները քողարկելու համար, բնակելի տարածքներուն մէջ օգտագործումը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէ լուրջ խախտում է եւ կրնայ վտանգել խաղաղ բնակչութեան կեանքը։

Human Rights Watch-ի Լիբանանի հարցերով հետազօտող Ռամզի Քայսը նշած է, որ բնակելի շրջաններուն սպիտակ ֆոսֆորի կիրառութիւնը «ծայրահեղ մտահոգիչ է եւ կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ խաղաղ բնակչութեան համար»։

Իսրայէլի բանակը  քանի մը անգամ մեղադրուած է նման զինամթերք օգտագործելու մէջ Գազայի եւ Լիբանանի տարածքներուն մէջ, սակայն այդ մեղադրանքները հերքած է։ Վերջին յայտարարութեան առթիւ պաշտօնական մեկնաբանութիւն դեռ չէ հնչած։

Միեւնոյն ժամանակ հաղորդուած է, որ վերջին շաբաթը Լիբանանի մէջ կատարուած հարուածներուն հետեւանքով զոհերու թիւը գերազանցած է 400-ը։