

Իսրայէլական բանակը Լիբանանի հարաւին մէջ կամուրջ մը ոչնչացուց եւ Պէյրութի վրայ թռուցիկներ տարածեց՝ նախազգուշացնելով, որ երկիրը կրնայ բախիլ այնպիսի աւերածութիւններու, ինչպիսիք եղած են Կազայի մէջ։ Այս յայտարարութիւնները կը հնչեն այն պահուն, երբ Իսրայէլական վարչակարգի ռազմական գործողութիւնները «Հըզպոլլահ»-ի դէմ կը մտնեն նոր եւ աւելի սաստիկ շրջան մը։
Ուրբաթ օր առաւօտեան հարուածի ենթարկուեցաւ Զրարիյէի կամուրջը, որ կ’անցնի Լիթանի գետին վրայով։ Իսրայէլական վարչակարգի բանակը յայտարարեց, թէ կամուրջը կը գործածուէր «Հըզպոլլահ»-ի մարտիկներուն կողմէ՝ երկրի հիւսիսէն հարաւ տեղաշարժուելու համար, սակայն այդ պնդման վերաբերեալ ապացոյցներ չեն ներկայացուած։ Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ Իսրայէլական վարչակարգը հրապարակաւ կը հաստատէ քաղաքացիական ենթակառուցուածքի թիրախաւորումը ներկայ գործողութիւններուն ընթացքին։
Իսրայէլական վարչակարգի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց, թէ նման հարուածներ կրնան շարունակուիլ՝ շեշտելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի բախի «աճող գիներու»՝ ենթակառուցուածքներու վնասման եւ տարածքային կորուստներու տեսքով, քանի դեռ «Հըզպոլլահ»-ը զինուած է։
Ուրբաթ օր հարուածներ հասցուեցան նաեւ Պէյրութի շարք մը թաղամասերու, որոնք մինչ այժմ չէին թիրախաւորուած։ Անօդաչու թռչող սարք մը հարուածեց բնակելի շէնք մը Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ, իսկ առանձին հարուածներ հասցուեցան նաեւ Ժնահ եւ Նապաա թաղամասերուն։
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Մարտ ամսուան սկիզբէն ի վեր Իսրայէլի հարուածներուն հետեւանքով զոհուած է առնուազն 773 մարդ, վիրաւորուած՝ 1933-ը, որոնց մէջ կան նաեւ 103 երեխայ։ Աւելի քան 800 հազար մարդ ստիպուած եղած է լքել իր տունը։
Պէյրութի վրայ տարածուած թռուցիկներուն մէջ նշուած էր, թէ Լիբանանը կրնայ բախիլ այնպիսի իրավիճակի, ինչպիսին ստեղծուած էր Կազայի մէջ։
Տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը կը շարունակէ աճիլ, եւ միջազգային դիտորդները մտահոգութիւն կը յայտնեն, որ հակամարտութեան յետագայ ընդլայնումը կրնայ աւելի խորացնել Լիբանանի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը։
