Իսրայէլեան օդանաւերը Կիրակի առաւօտեան հարուածած են Լիբանանի հարաւը մէջ գտնուող առնուազն հինգ քաղաքներ, որոնցմէ ամենաուժգին հարուածները հասցուած են Ժեպշիթին, կը հաղորդէ Լիբանանի ազգային NNA գործակալութիւնը։
«Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը մէկ ժամէն ալ պակաս ժամանակահատուածի ընթացքին հինգ յաջորդական հարուած հասցուցած են Ժեպշիթին»,– կը նշուի գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Կը հաղորդուի, թէ Տիւրէն հիւսիս գտնուող Պաքպուք շրջանին մէջ հինգ մարդ զոհուած է, իսկ երկուքը՝ վիրաւորուած։
Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ Շաբաթ օրուան սկիզբէն ի վեր հարաւային Լիբանանի առնուազն 15 բնակավայրեր ենթարկուած են իսրայէլեան օդանաւերու, անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրետանիի հարուածներուն։
