Իրանը արագօրէն վերականգնած է վերջին ամիսներուն ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի հարուածներուն հետեւանքով վնասուած ենթակառուցուածքները։
Wall Street Journal-ի համաձայն՝ անոնց շարքին կը գտնուին կամուրջներ, նաւահանգիստներ, լեռներու մէջ գտնուող հրթիռային ռազմակայաններ եւ արդիւնաբերական կառոյցներ։ Այս զարգացումները մտահոգութիւններ յառաջացուցած են շարք մը իսրայէլցի պաշտօնեաներու մօտ։
Իսրայէլի հակաօդային պաշտպանութեան նախկին հրամանատար Ռան Քոխավ խոստովանած է, որ Թեհրան ունի «չափազանց տպաւորիչ կարողութիւններ՝ արդիւնաբերական արտադրութեան եւ վերականգնման ոլորտներուն մէջ»։
