Իրանը կը շարունակէ նաւթ մատակարարել Չինաստանին

  • by Editbeglari, March 13, 2026 in Լուրեր
114 դիտում

Միջին Արեւելքի մէջ շարունակուող պատերազմի պայմաններուն մէջ Իրանը կը շարունակէ նաւթ արտահանել՝ հիմնական դէպի Չինաստան, հակառակ Հորմուզի նեղուցին մէջ ստեղծուած լարուած իրավիճակին։ Տուեալներու համաձայն՝ Մարտ ամսուն Իրանը օրական կը լիցքաւորէ մօտ 1.5 միլիոն բարել նաւթ, որմէ շուրջ 1.25 միլիոն բարելը կը հասնի Չինաստան։

Միեւնոյն ժամանակ Հորմուզի նեղուցը, որ համաշխարհային նաւթի եւ հեղուկացուած կազի փոխադրութեան ամենակարեւոր ուղիներէն մէկն է, փաստացի վերածուած է ռազմական գօտիի։ Պատերազմի սկիզբէն ի վեր այստեղ եւ Պարսից ծոցի մէջ արձանագրուած է առնուազն 16 յարձակում առեւտրական նաւերու վրայ, ինչ որ լուրջ անհանգստութիւն ստեղծած է համաշխարհային ուժանիւթային շուկաներուն մէջ։

Ստեղծուած իրավիճակը ստիպած է միջազգային կառոյցները արտակարգ քայլերու դիմել։ Միջազգային ուժանիւթային Գործակալութիւնը յայտարարած է 400 միլիոն բարել նաւթի ռազմավարական պաշարներու բացթողման մասին, որ կազմակերպութեան պատմութեան մէջ ամենախոշոր նման քայլն է։ Այս միջոցին նպատակը շուկաները կայունացնելն է այն բանէն ետք, երբ պատերազմի հետեւանքով նաւթի մատակարարումները կտրուկ նուազած են։

Չնայած այս միջոցներուն՝ նաւթի գիները կը շարունակեն մնալ անկայուն եւ որոշ ժամանակահատուածներու ընթացքին գերազանցած են 100 տոլարը մէկ բարելի դիմաց։ Վերլուծաբաններու կարծիքով հիմնական խնդիրը միայն նաւթի քանակը չէ, այլ նաեւ անոր ապահով փոխադրութեան դժուարութիւնը ռազմականացուած ծովային ուղիներով։

Պատերազմի հետեւանքները կը զգացուին նաեւ կազի շուկային մէջ։ Եւրոպայի մէջ կազի գիները բարձրացած են այն մտավախութեան պատճառով, որ Պարսից ծոցին մէջ նաւերու վրայ յարձակումները կրնան խափանել հեղուկացուած բնական կազի մատակարարումները։

Փորձագէտները կը նշեն, թէ ստեղծուած է հակասական իրավիճակ մը․ Իրանը չի կրնար ամբողջովին փակել համաշխարհային նաւթի հոսքերը՝ առանց վնասելու սեփական տնտեսութիւնը, սակայն կը կարողանայ Հորմուզի նեղուցը դարձնել այնքան վտանգաւոր, որ ան ազդէ համաշխարհային շուկաներուն եւ միջազգային քաղաքականութեան վրայ։