Իրան-ԱՄՆ համաձայնագիրին մէկ մասը կը պահանջէ, որ Թեհրանին անյապաղ վճարուի արտասահմանի մէջ սառեցուած իրանական գոյքերու 12 միլիառ տոլարը։ Միայն այդ պարագային Իսլամական Հանրապետութիւնը պիտի մասնակցի յետագայ երկխօսութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ Fars լրատուական գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով իր աղբիւրներուն։
«Համաձայնագիրին ամենակարեւոր մասը, որուն մասին ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփը չէ խօսած, Իրանի սառեցուած գոյքերէն 12 միլիառ տոլարի անյապաղ վճարման պայմանն է։ Ըստ համաձայնագիրին՝ այս գումարը պէտք է անմիջապէս վճարուի, եւ մինչեւ այդ վճարումը չկատարուի, Իրանը պիտի չմասնակցի յետագայ բանակցութիւններուն»,– ըսած է աղբիւրը։
Աւելի կանուխ Թրամփ յայտարարած էր, որ մտադիր է վերջնական որոշում կայացնել Իրանի հետ ձեռք բերուած նախնական համաձայնութիւնը հաստատելու վերաբերեալ՝ Ուրբաթ օր իր օգնականներուն հետ հանդիպման ընթացքին։ Ան նշած էր, որ Իրանի հետ համաձայնագիրին կէտերուն մեծ մասը արդէն համաձայնեցուած է։
