Իրանի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով երկրին մէջ խոցուած են գրեթէ 10 հազար քաղաքացիական կառոյցներ։
ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մշտական ներկայացուցիչ Ամիր Սայիդ Իրաւանին տեղեկացուցած է, որ Փետրուարի 28-էն սկսած հարուածներուն ընթացքին վնասուած կամ աւերուած են 9 669 քաղաքացիական կառոյցներ, որոնց շարքին հազարաւոր բնակելի տուներ, առեւտրային կեդրոններ, դպրոցներ եւ բժշկական հաստատութիւններ։
Իրանի աղբիւրներուն համաձայն՝ հարուածներէն զոհուած է 1 300-է աւելի մարդ, եւ վնասուած են նաեւ ուժանիւթային ենթակառուցուածքներ եւ քաղաքացիական ծառայութիւններու կառոյցներ։
Թեհրանը պնդած է, որ հարուածները նպատակաուղղուած են քաղաքացիական բնակավայրերուն եւ կարեւոր ենթակառուցուածքներուն, մեղադրելով ԱՄՆ-ին եւ Իսրայէլին միջազգային իրաւունքի խախտման մէջ։
Միաժամանակ, տարածաշրջանին մէջ ռազմական գործողութիւնները շարունակական են, եւ վերլուծաբանները նշած են, որ հակամարտութիւնը կրնայ աւելի ընդլայնուիլ՝ ազդելով ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի անվտանգութեան եւ ուժանիւթային շուկաներուն վրայ։
