Թեհրանը զիջումներու կը ձգտի ոչ թէ բանակցութիւններու, այլ մարտադաշտին վրայ հրթիռներու միջոցով, որովհետեւ որեւէ համաձայնութենէ շահ կրնայ ունենալ միայն այն կողմը, որ պատրաստ է պատերազմի։ Այս մասին յայտարարած է Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆ՝ Իրանի Մեջլիսի (միապալատ խորհրդարան) նախագահը։
«Մենք զիջումներու կը ձգտինք ոչ թէ երկխօսութեան, այլ հրթիռներու միջոցով։ Բանակցութիւններուն ընթացքին մենք միայն կը բացատրենք զանոնք։ Մենք չենք հաւատար երաշխիքներու կամ խօսքերու։ Վստահութեան միակ չափանիշը միւս կողմի գործելակերպն է»,– գրած է ան իր յօդուածին մէջ։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ համաձայնութեան «յաղթողը» միշտ այն է, որ «պատրաստ է պատերազմի յաջորդ օրուան»։
Աւելի առաջ Axios-ը հաղորդած էր, որ ամերիկացի եւ իրանցի բանակցողները համաձայնութեան եկած են փոխըմբռնման յուշագիրի նախագիծի շուրջ, որ կը սպասէ ԱՄՆ նախագահ Տոնալդ Թրամփի հաստատման։ Ըստ հաղորդումներուն՝ համաձայնագիրը կը նախատեսէ հրադադարի երկարաձգում եւ Իրանի միջուկային ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկ։
Միեւնոյն ժամանակ, իրանական Tasnim լրատուական գործակալութիւնը նշած է, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ համաձայնագիրի նախագիծը վերջին օրերուն փոփոխութիւններու ենթարկուած է եւ տակաւին վերջնականապէս չէ հաստատուած։
