Իրանի հարուածները այնքան ուժգին եղած են, որ ամերիկեան ռազմակայաններու մէկ մասը ջնջուած է երկրի երեսէն

  • by Editbeglari, March 03, 2026 in Լուրեր
123 դիտում

Իրանագէտ Վարդան Ոսկանեանը գրած է․

«Բրիտանական «BBC» պետական հեռարձակողը նոյնիսկ ամէնէն վառ երեւակայութեան պարագային դժուար է համարել իրանամէտ լրատուամիջոց։ Անոր ռուսերէն ծառայութեան եթերին ռազմական փորձագէտ մը կը պնդէ, թէ Պարսից ծոցի արաբական միապետութիւններու տարածքին գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններուն հասցուած իրանական հարուածները եղած են չափազանց ուժգին, եւ անոնց մէկ մասը, դատելով արբանեակային լուսանկարներէն, գործնականօրէն «ջնջուած» են երկրի երեսէն։

Ըստ ռուս ռազմական փորձագէտներու՝ Քաթարի մէջ խոցուած հեռահար գործողութեան ռատարը եւս չափազանց կարեւոր հանգոյց եղած է ամերիկեան հակահրթիռային պաշտպանութեան համաշխարհային համակարգին մէջ, եւ Իրանը առաջին երկիրն է, որ կրցած է թիրախաւորել նման կարեւոր եւ բարձրարժէք հանգոյց մը»։