Իրանի հարուածները թիրախաւորած են ԱՄՆ հակահրթիռային ռատարները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ

  • by Editbeglari, March 06, 2026 in Լուրեր
138 դիտում

Նոր արբանեակային լուսանկարները ցոյց կու տան, որ Իրանը հարուածներ հասցուցած է ԱՄՆ արտադրութեան հակահրթիռային պաշտպանութեան ռատարներու՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, փորձելով թուլացնել տարածաշրջանի օդային պաշտպանութեան համակարգերը։

Լուսանկարներուն համաձայն՝ հարուածի ենթարկուած է ԱՄՆ THAAD հակահրթիռային համակարգի ռատարը Յորդանանի մէջ գտնուող Մուաֆֆաք Սալթի օդային ռազմակայանին մէջ։ Պատկերը ցոյց կու տայ վնասուած եւ այրած ռատարային կայանը, ինչպէս նաեւ մօտակայքին մէջ առաջացած մեծ փոսեր, որոնք կը վկայեն հրթիռային հարուածներու մասին։

Նմանատիպ ռազմական կառոյցներ վնասուած են նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ՝ Ալ Ռուայս եւ Սատեր ռազմական կայաններուն մէջ։ Սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ արդեօք այնտեղ տեղակայուած ռատարային սարքաւորումները ամբողջութեամբ վնասուած են։

Փորձագէտներու համաձայն՝ THAAD համակարգին AN/TPY-2 ռատարը, որ կ’արտադրուի ամերիկեան Raytheon ընկերութեան կողմէ, հակահրթիռային պաշտպանութեան հիմնական բաղադրիչներէն մէկն է եւ կը գնահատուի մօտ կէս միլիառ տոլար։ Ռատարին վնասուիլը կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել համակարգին արդիւնաւէտութիւնը։

Միեւնոյն ժամանակ արբանեակային պատկերները վնասներ արձանագրած են նաեւ Քաթարի մէջ՝ Ում Տահալ շրջանին մէջ, ուր տեղակայուած է վաղ նախազգուշացման ռատարային համակարգ մը։

ԱՄՆ Պենթակոնը հրաժարած է մեկնաբանել տարածաշրջանին մէջ գտնուող ռազմական կարողութիւններու վիճակը՝ անվտանգային նկատառումներով։ Սակայն կը հաղորդուի, որ տարածաշրջանին մէջ ռազմական աշխուժութիւնը աճած է, իսկ որոշ երկիրներ արդէն իսկ ուժեղացուցած են իրենց օդային պաշտպանութիւնը։