

Իրանի շուրջ սկսած պատերազմին հետեւանքով նաւթի համաշխարհային գիները կտրուկ աճած են՝ առաջին անգամ 2022 թուականէն ի վեր գերազանցելով 100 տոլարը մէկ բարելի դիմաց։ Մասնագէտները կը զգուշացնեն, որ այս մէկը շղթայական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ նաեւ սննդամթերքի գիներուն վրայ։
Խնդիրին հիմնական պատճառը Պարսից ծոցի նաւթային մատակարարումներու խաթարումն է։ Աշխարհի նաւթին մօտ 20 տոկոսը կ՚անցնի Հորմուզի նեղուցով, սակայն ռազմական գործողութիւններու եւ նաւերու վրայ յարձակումներու պատճառով նաւթատարներու շարժը զգալիօրէն սահմանափակուած է։
Փորձագէտներու խօսքով՝ նաւթն ու բնական կազը կ’օգտագործուին ոչ միայն որպէս վառելիք, այլեւ որպէս հումք՝ պարարտանիւթերու արտադրութեան մէջ։ Այդ պատճառով նաւթի թանկացումը կը բարձրացնէ գիւղատնտեսական արտադրութեան ծախսերը, ինչ որ կրնայ ամբողջ աշխարհով մէկ հանգեցնել սննդամթերքի գիներու աճին։
Տնտեսագէտները կը նշեն, որ նման իրավիճակներ պատմութեան ընթացքին յաճախ պատճառ դարձած են բարձր գնաճի եւ տնտեսական թուլացման, իսկ աւելի խոցելի են յատկապէս այն երկիրները, որոնք մեծ քանակութեամբ կը ներմուծեն հացահատիկ եւ պարարտանիւթեր։
