Իրան-ԱՄՆ պատերազմի զարգացումներն ու Հորմուզի նեղուցի վերաբացման շուրջ դիւանագիտական փակուղին 

  • by WesternArmenia, October 13, 2026 in Լուրեր
108 դիտում

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ շարունակուող հակամարտութիւնը կը խորացնէ համաշխարհային ուժանիւթի եւ ֆինանսական շուկաներու անկայունութիւնը։ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւագնացութեան խափանումներու եւ նաւթի մատակարարումներու նուազման մտավախութիւններուն զուգահեռ՝ կ՚աճին ուժանիւթի գիներու բարձրացման վտանգները, իսկ աշխարհաքաղաքական անորոշութիւնը կը մեծցնէ ԱՄՆ տոլարին նկատմամբ պահանջարկը։

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ կը սպասէ Իրանի շուրջ հակամարտութեան շուտափոյթ հանգուցալուծումին՝ միաժամանակ սպառնալով Թեհրանին, եթէ վերջինս չկատարէ Ուաշինկթընի պահանջները։ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ տնտեսական պատժամիջոցներն ու ծովային շրջափակումը դիտարկել իբրեւ Իրանի վրայ ճնշում բանեցնելու միջոցներ։

Մինչ այդ, իրանցի պաշտօնեաները յայտարարած են, թէ ԱՄՆ-ի պատասխանը բաւարար չէ Թեհրանի՝ պատերազմը դադրեցնելու եւ Հորմուզի նեղուցը բանալու վերաբերեալ առաջարկած եօթը պայմաններուն։ Երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները կը շարունակուին, յատկապէս՝ միջուկային ծրագիրին, պատժամիջոցներու վերացման եւ բանակցութիւններու յաջորդականութեան հարցերուն շուրջ։

Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ խորացող անվստահութիւնը, ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքներն ու տնտեսական շահերու բախումը կը դժուարացնեն համաձայնութեան մը հասնիլը։ Դիւանագիտական լուծման կարելիութիւնը տակաւին կը պահպանուի, սակայն փոխադարձ պարտաւորութիւններու յստակ երաշխիքներու բացակայութեան պարագային, որեւէ համաձայնութիւն կրնայ միայն ժամանակաւորապէս կասեցնել ճգնաժամը՝ առանց վերացնելու անոր հիմնական պատճառները։

Քաղաքական մեկնաբան եւ իրանագէտ Սահակ Շահմուրատեանի գնահատմամբ՝ առանցքային խնդիրը պարզապէս բանակցելու կամ դիմադրելու ընտրութիւնը չէ, այլ այնպիսի պայմաններու ստեղծումը, որոնք Իրանին հնարաւորութիւն պիտի տան բանակցելու աւելի լայն ընտրանքներու եւ փոխադարձ պարտաւորութիւններու հիման վրայ։