Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու կորպուսը յայտարարած է, որ Հորմուզի նեղուցը կը գտնուի Իրանի լիակատար վերահսկողութեան տակ։ Ըստ յայտարարութեան՝ որեւէ նաւ, որ փորձէ անցնիլ նեղուցէն, կրնայ խոցուիլ հրթիռներով կամ անօդաչու թռչող սարքերով։
Իսլամական հեղափոխութեան պահապաններու կորպուսի ռազմածովային ուժերու ներկայացուցիչ Մոհամետ Աքպարզատէ նշած է, որ նեղուցը ներկայիս ամբողջութեամբ կը վերահսկուի Իսլամական Հանրապետութեան ռազմածովային ուժերուն կողմէ։
Աւելի վաղ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած էր, որ ամերիկեան ռազմածովային ուժերը պատրաստ են ուղեկցելու նաւթի լցանաւերը Պարսից ծոցի այս կարեւորագոյն երթուղիով։
Միեւնոյն ժամանակ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու կորպուսի խորհրդական, բաժնի գեներալ Էպրահիմ Ճաբարրի յայտարարած է, որ Իրան թոյլ չի տար որեւէ նաւու անցնիլ Հորմուզի նեղուցով՝ շեշտելով, թէ «նեղուցը փակ է»։ Անոր խօսքով՝ նման փորձի պարագային նաւերը կրնան ենթարկուիլ հարուածներու։
Հորմուզի նեղուցը կը գտնուի Իրանի եւ Օմանի միջեւ եւ կը նկատուի աշխարհի ամենակարեւոր ծովային առեւտրական ուղիներէն մէկը։ Համաշխարհային նաւթի մատակարարումներու մօտ 20 տոկոսը կ’անցնի այս նեղուցով։
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Փետրուար 28-էն ի վեր հարուածներ կը հասցնեն Իրանին, ինչին ի պատասխան Թեհրանը հարուածներ կը հասցնէ Իսրայէլական վարչակարգին եւ տարածաշրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմաբազաներուն ու մատակարարող կառոյցներուն։
Տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ լարուած։
