Լիբանանեան ռմբակոծութիւնները կը շարունակուին

  • by Editbeglari, March 12, 2026 in Լուրեր
143 դիտում

Լիբանանի մէջ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, յատկապէս երկրի հարաւային շրջաններուն եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ։ Այս մասին տեղեկութիւններ փոխանցուած են տեղացի եկեղեցական եւ համայնքային կառոյցներէն։

Տեղեկութիւններու համաձայն՝ օրուան ընթացքին կապ հաստատուած է տարածաշրջանի հայկական համայնքներու պատասխանատուներուն հետ։ Նշուած է, որ հայկական համայնքը ներկայիս անմիջապէս չէ տուժած շարունակուող ռմբակոծութիւններէն։

Միեւնոյն ժամանակ տարածաշրջանին մէջ ընդհանուր իրավիճակը կը մնայ լարուած եւ անորոշ։ Ռմբակոծութիւններ արձանագրուած են նաեւ այլ վայրերու մէջ, սակայն հայկական թաղամասերուն մէջ հիմնական գրանցուած են միայն նիւթական վնասներ։