Լիբանանի բանակին առաջին ստորաբաժանումները այսօր առաւօտեան սկսած են վերատեղակայուիլ երկրի հարաւը։ Այս քայլը կատարուած է իսրայէլեան բանակին Զաութար ալ-Ղարպիէ քաղաքէն դուրս գալէն ետք։
Լիբանանի ուժային կառոյցներու բարձրաստիճան պատասխանատուներէն մէկը այս մասին այսօր յայտնած է Reuters-ի թղթակիցին՝ նշելով, որ Իսրայէլ իր զօրքերը դուրս բերած է Յունիսի վերջաւորութեան Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան շրջանակին մէջ։
«Լիբանանի կառավարութիւնը յոյս ունի, որ մօտ ապագային երկրի բանակը պիտի կարենայ տեղակայուիլ Իսրայէլի ստեղծած «պուֆըրային գօտի»ին ամբողջ տարածքին վրայ»,– կը հաղորդէ Reuters-ը։
