Թրքական վարչակարգի դատական որոշմամբ փակուած է այն համալսարանը, ուր 2005 թուականին Հայերու ցեղասպանութեան մասին գիտաժողով տեղի ունեցած էր:
«Ճան» հոլտինկի դէմ ուղղուած հետաքննութեան ծիրին մէջ Կ. Պոլսոյ Պիլկի համալսարանի հիմնադրամին համար նոր կառավարիչ նշանակուած է, որմէ ետք համալսարանին այլեւս թոյլ չէ տրուած շարունակելու իր գործունէութիւնը։ Այսօր հրապարակուած որոշումին համաձայն՝ յայտնի համալսարանը փաստացի փակուած է։
Պիլկի համալսարանը հիմնադրուած էր 1996-ին։ Ներկայիս ան ունի 20 հազարէ աւելի ուսանող եւ 70 հազարէ աւելի շրջանաւարտ։ Համալսարանին մէջ կը գործէին 8 բաժանմունք եւ 3 հետազօտական հիմնարկներ։
Յիշեցնենք, որ Պիլկի համալսարանին մէջ 2005 թուականին տեղի ունեցած էր «Օսմանեան հայերը» խորագիրով գիտաժողովը՝ նուիրուած Հայերու ցեղասպանութեան։ Այսպիսով, Պիլկին Թուրքիոյ մէջ առաջին համալսարանն էր, ուր կայացած էր Հայերու ցեղասպանութեան մասին իրական ճշմարտութիւնը ներկայացնող գիտաժողով։
