Խաղաղութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները երբեք պէտք չէ հակադրուին․ Մետաքսէ Յակոբեանի առաջարկները

  • by Editbeglari, September 28, 2026 in Լուրեր
84 դիտում

Արցախի խորհրդարանի «Արդարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան «Արցախը երեք տարի անց․ փաստեր, քաղաքական պատասխանատուութիւն եւ ապագայի օրակարգ» քննարկման ժամանակ անդրադարձած է արցախահայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն։

Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայերու վերադարձը չի կրնար դիտարկուիլ որպէս երկրորդական մարդասիրական հարց եւ պէտք է մնայ Հայաստանի քաղաքական օրակարգի առաջնահերթութիւններուն մէկը։ Յակոբեան նաեւ նշած է 2023-ի ռազմական գործողութիւններու եւ Ստեփանակերտի պայթումին հետեւանքով զոհերու ու վիրաւորներու, բռնի տեղահանուած աւելի քան 115 հազար անձերու, ինչպէս նաեւ բնակարանային եւ տնտեսական խնդիրներու մասին։

Յակոբեանի համոզմամբ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը պէտք չէ նշանակէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու քաղաքական օրակարգին աւարտը։ Ան առանձնացուցած է հինգ հիմնական ուղղութիւն՝ Արցախի ժողովուրդի քաղաքական ներկայացուածութեան պահպանում, վերադարձի իրաւունքի միջազգային օրակարգի շարունակութիւն, սեփականութեան եւ այլ իրաւունքներու պաշտպանութիւն, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայերու վերադարձի հետեւողական պահանջ եւ Հայաստանի մէջ արցախահայութեան արժանապատիւ ու կայուն կեանքի ապահովում։

Ան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է անցնիլ օգնութեան քաղաքականութենէն դէպի իրաւունքներու քաղաքականութիւն՝ արցախահայութիւնը դիտարկելով ոչ միայն որպէս ընկերային աջակցութեան շահառու, այլեւ որպէս իր իրաւունքներով եւ քաղաքական ձայնով ժողովուրդ։