«Ազգային ճակատ». Յայտարարութիւն ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ՝ Արցախի վերաբերեալ
🔷 ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 63-րդ նստաշրջանի ընթացքին «Christian Solidarity International» կազմակերպութեան հանրային շահերու պաշտպանութեան տնօրէն, դոկտոր Ճոէլ Վելտկամփը Խորհուրդի նիստին հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարարութեամբ։
🔷 Այս ամիս կը լրանայ երեք տարին այն օրէն, երբ Ատրպէյճան գրաւեց Արցախը եւ անկէ ամբողջութեամբ տեղահանեց անոր հայ քրիստոնեայ բնակչութիւնը։
🔷 Մինչեւ այսօր Ատրպէյճան կը շարունակէ արգիլել 150,000 տեղահանուած հայերու վերադարձը իրենց տուները՝ հակառակ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023 թուականի Նոյեմբեր 17-ի որոշման։
🔷 Ատրպէյճան նաեւ քաղաքական դրդապատճառներով ապօրինաբար կը պահէ 20 հայեր եւ կը շարունակէ ոչնչացնել հայկական մշակութային ժառանգութեան յուշարձանները։ Վերջին դէպքերէն մէկը Շուշիի մերձակայքը գտնուող միջնադարեան գերեզմանատան ոչնչացումն է։
🔷 Մենք խորապէս մտահոգուած ենք այն փաստով, որ այս ամիս 150 դիւանագէտներէ բաղկացած խումբ մը այցելած է Արցախի էթնիք զտման ենթարկուած քաղաքները։ Այդ այցելութեան ընթացքին ատրպէյճանցի պաշտօնեաները կեղծօրէն ներկայացուցած են միջնադարեան հայկական եկեղեցիները՝ իբրեւ այլ ժողովուրդի պատկանող ժառանգութիւն։
🔷 Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը չի կրնար կառուցուիլ էթնիք զտման, քաղաքական դրդապատճառներով իրականացուող ապօրինի ձերբակալութիւններու եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման հիման վրայ։
🔷 Մենք կոչ կ՚ուղղենք այս Խորհուրդին՝ գործուն միջոցներ ձեռնարկելու Արցախի հայերու անվտանգ վերադարձը իրենց հայրենիք ապահովելու համար՝ մարդու իրաւունքներու լիարժէք իրացման երաշխիքներով։
🔷 Ասոր հասնելու գործնական միջոցներէն մէկը կրնայ ըլլալ Զուիցերիոյ խորհրդարանի կողմէ առաջարկուած՝ Արցախի հարցով խաղաղութեան համաժողովին աջակցութիւնը։
