Խոշոր հրդեհներ՝ Արցախի մէջ. պայթումներ կը լսուին

  • by Editbeglari, July 30, 2026 in Լուրեր
115 դիտում

https://arm.sputniknews.ru/20260729/hrdehner-en-brnkvel-arcakhi-mi-qani-shrjannerum-kadrer-105189361.html

Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի քանի մը գիւղերու մօտակայ բաց տարածքներուն մէջ հրդեհներ բռնկած են։ Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ըստ հակառակորդին արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան՝ հրդեհներ բռնկած են Ակնայի, Վարանդայի եւ Ջրականի շրջաններու գիւղերուն մօտ գտնուող բաց տարածքներուն մէջ։

Առանձին այրող հատուածներու մէջ կը լսուին հողին տակ մնացած ռազմամթերքի պայթիւններ։ Հրդեհաշիջման աշխատանքները կը շարունակուին։