Պոլսահայ համայնքը ցնցուած է 64-ամեայ Յակոբ Տէիրմէնճիօղլուի սպանութեան լուրէն։ Ըստ հաղորդումներու՝ ան սպաննուած է իր բնակարանին մէջ՝ դրացիին կողմէ։ Ոստիկանութեան ահազանգած է ենթադրեալ յանցագործը՝ յայտնելով, որ դրացի սենեակէն տհաճ հոտ կը բուրէ։ Ոստիկանները ներս մտնելով՝ յայտնաբերած են Յակոբ Տէիրմէնճիօղլուի անշունչ մարմինը։ Նախնական քննութեամբ մահուան պատճառը դանակահարութիւնն է։
Տէիրմէնճիօղլուն ծանօթ էր պոլսահայ համայնքին մէջ։ Ան նախկինին աշխատած էր Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ՝ որպէս դռնապան, իսկ վերջին շրջանին կը պայքարէր ծանր հիւանդութեան դէմ եւ համայնքային կառոյցներէն նիւթական աջակցութիւն կը ստանար։
Դէպքին հանգամանքները բազմաթիւ հարցեր կը յառաջացնեն։ Ենթադրեալ յանցագործը պնդած է, թէ վարձավճարի շուրջ վէճ ծագած է, որմէ ետք բարկութեան պահուն սպաննած է Տէիրմէնճիօղլուն։ Սակայն զոհին բնակարանին եւ վարձավճարին վերաբերող առկայ տեղեկութիւնները հակասութիւններ կը յառաջացնեն, որոնք անհրաժեշտ է պարզել քննութեան ծիրէն ներս։
Յակոբ Տէիրմէնճիօղլուի մահը եւս մէկ ծանր կորուստ է պոլսահայ համայնքին համար։ Դէպքին բոլոր հանգամանքներուն լիարժէք եւ անաչառ բացայայտումը կարեւոր է՝ արդարութեան ապահովման եւ բազմաթիւ անպատասխան հարցերու պատասխանները գտնելու համար։
