
«Մենք պատրաստ պիտի ըլլանք։ Բայց ոչ իբրեւ յաւերժ ողբացող ժողովուրդ, այլ իբրեւ կազմակերպուած ազգ, որ կը ճանչնայ իր պատմութիւնը, կը հաշուարկէ իր ներկան եւ կը կառուցէ իր ապագան»։
Թիֆլիսի մէջ հրատարակուող «ԶԱՆԳ» թերթի 1906 թուականի Սեպտեմբեր 3-ի թիւին մէջ կը հանդիպինք Շուշիէն ղրկուած ուշագրաւ տեղեկութեան մը․
«Գիշերուան խաւարին մէջ կրակոցներ, ահաբեկուած բնակիչներ, եւ հայ կնոջ նոյն հարցումը․
— Էլի՞ կռիւ է…»

Աւելի քան մէկ դար անց այդ հարցումը, դամոկլեան սուրի պէս, տակաւին կախուած կը մնայ մեր ժողովուրդի գլխուն վրայ։
Շուշին, որպէս Մեծ Հայքի տասներորդ նահանգ Արցախի կրթամշակութային կեդրոն, եղած է, կայ եւ պիտի մնայ հայութեան ինքնութեան, մշակոյթի եւ ազգային պայքարի կարեւոր խորհրդանիշներէն մէկը։
Սակայն պատմութիւնը միայն ցաւով կամ հպարտութեամբ յիշելը բաւարար չէ։ Անհրաժեշտ է հասկնալ անոր տուած դասերը եւ վերածել զանոնք ազգային գիտակցութեան ու կազմակերպուած ուժի։
Այսօր շատեր կը հարցնեն․
— Ո՞րն է լուծումը։
— Ո՞վ պիտի ստանձնէ պատասխանատուութիւնը։
Պատասխանը պէտք է դնել ոչ միայն ուժեղ անհատի, այլ նաեւ գիտակից, կազմակերպուած եւ պատասխանատուութենէ չփախչող սերունդի ուսերուն վրայ։
Պետութիւնը կը պահպանուի ամուր եւ մարտունակ բանակով, սակայն այդ մէկը միայն բաւարար չէ։ Անհրաժեշտ է նաեւ հզօր առաջնորդութիւն, որ կը կազմակերպէ վտանգուած հասարակութիւնը՝ կրթելով քաղաքացին, զարգացնելով գիտութիւնը, ստեղծելով տեխնոլոգիական ներուժ եւ ազգային բարձր նպատակներու շուրջ համախմբելով ժողովուրդի կամքը։
Եթէ կ’ուզենք, որ հայ կնոջ «Էլի՞ կռիւ է…» հարցումը այլեւս չդառնայ մեր ժամանակներու մշտական վախն ու ճակատագիրը, ապա որպէս ազգ պէտք է հրաժարինք խաղաղութեան սին երազներէն եւ՝
— կառուցենք ժամանակակից եւ բարձր տեխնոլոգիաներով զինուած բանակ,
— զարգացնենք ռազմարդիւնաբերութիւնն ու գիտութիւնը,
— ձեւաւորենք պետական մտածողութեամբ երիտասարդութիւն,
— տնտեսապէս եւ ժողովրդագրական առումով ամրապնդենք Հայաստանի Հանրապետութիւնը,
— պահպանենք մեր պատմական յիշողութիւնը՝ առանց ինքնախաբէութեան,
— վերականգնենք ազգային միասնական պատասխանատուութեան զգացումը,
— Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիին ապահովենք արժանապատիւ աշխատանք, արդար վարձատրութիւն եւ ապահով ծերութիւն։
Պատմութիւնը մեզ շարունակ կը զգուշացնէ, թէ խաղաղութիւնը չի պահպանուիր միայն երազկոտ ցանկութիւններով, այլ նաեւ զայն պաշտպանելու եւ պարտադրելու պատրաստակամութեամբ։
Որպէս Հայկ Նահապետի, Արգիշտիի, Արտաշէսի, Տիգրան Մեծի եւ Բագրատունիներու ժառանգներ՝ մենք իրաւունք չունինք ապրելու միայն անցեալի փառքի յուշերով։Մենք պարտաւոր ենք կերտել ապագայի հայկական ուժը, որպէսզի գալիք սերունդներն ալ մեզմով հպարտանալու պատճառ ունենան։
