Արեւելեան Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Նայիրա Կարապետեան իր դիմատետրի էջին գրած է.
«Կենսաբազմազանութիւնը հիանալի նիւթ է, որ կը միաւորէ աշխարհը։
Բայց կարելի էր այս բոլոր մարդիկը, օրինակ, Ջերմուկ տանիլ․ թէ՛ COP17-ը կը կազմակերպուէր հիանալի վայրի մը մէջ, թէ՛ անոնք իրենց աչքով կը տեսնէին, թէ ինչպէս կարելի է մէկ կրամ ոսկի ստանալու համար անհաւանական քանակութեամբ ցիանիդ գործածել, հպարտանալ ատով եւ միաժամանակ հիւրընկալել COP17-ը։
Միաժամանակ կարելի էր պատմել, որ Ջերմուկի լեռներէն անդին հիանալի Քարվաճառը կայ, ուր «պաշտելի Ատրպէյճանը» ամենայն հաւանականութեամբ սպիտակ ֆոսֆոր գործածած է՝ թերեւս ԿԵՆՍԱԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԻՒՆԸ պահպանելու համար։
Եւ ընդհանրապէս, լեռներէն անդին ապրող ժողովուրդը բռնի տեղահանուեցաւ իր պապենական հողէն՝ թերեւս կենդանական ու բուսական աշխարհի հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար…
Ինչ վատ կ՚ըլլա՞ր»։
