Կը յորդորենք Բաքուին մէջ ՄԱԿ-ի մշտական ​​համակարգողին չդառնալ Բաքուի վարչակարգին գործիքը միջազգային հանրութեանը մոլորեցնելու ճանապարհին 

  • by Editbeglari, July 17, 2024 in Լուրեր
265 դիտում

Բաքուին մէջ ՄԱԿ-ի մշտական ​​համակարգող Վլադանկա Անդրեեւան APA գործակալութեանը տրուած իր հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է իրենց երկրին մէջ անցկացուելիք COP 29 միջոցառմանը։ «Գարդման-Շիրուան-Նախիջեւան» համահայկական միութիւնը շարք մը դիտարկումներ է կատարած։

ՄԱԿ-ի մշտական ​​համակարգողը նշած է, որ COP29-ը պետք է հիմնուած ըլլայ նախկինը ձեռք բերուած շրջադարձային համաձայնութիւններու վրայ, որոնք կ՚ենթադրեն վերականգնուող էներգիայի անցման արագացում՝ հանածո էներգիայի չափաբաժնի նուազմամբ, արտանետումներու նուազեցման ուժեղացուած քաղաքականութիւն եւ կլիմայի փոփոխութեան կանխմանը միտուած ֆինանսաւորում զարգացած երկրներու շրջանը։

Միութիւնն ալ կը շեշտէ՝ նման ձեւակերպումներէն ետք մեծ եւ տրամաբանական հարց կ՚առաջանայ Վլադանկա Անդրեեւան ծանոթ է ատրպէյճանական եւ համաշխարհային իրողութիւններուն, թէ կը գտնուի մէկ այլ զուգահեռ իրականութեան մէջ։

Կ՚ընդգծեն՝ իսկզբանէ զաւեշտալի է, որ Հանածո էներգիայէն հրաժարուելու համաշխարհային միջոցառումն կ՚անցկցուի երկրի մը մէջ, որը շուտուընէ կը յանդիսանայ հէնց նման էներգիային մատակարարներէն մէկը։

«Կամ մի՞թէ Բաքուին մէջ ՄԱԿ-ի մշտական ​​համակարգողը տեղեակ չէ արտանետումերու ծաւալներու եւ շրջակա միջավայրի, մասնաւորապէս՝ կլիմայի փոփոխութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին։ Իսկ արդեօ՞ք ՄԱԿ-ը չտեսաւ այն արգելուած պատերազմական միջոցներու կիրառումը 2020 թ․ 44-օրեա պատերազմին ատեն, որոնք հսկայական անտառածածկ տարածքներու ոչնչացման պատճառ դարձան, արդեօ՞ք ՄԱԿ-ը չտեսաւ, թէ ինչպէս Բաքուի  իշխանութիւններն իբր «էկոակտիվիստներու պայքարը» միջոց եւ գործիք կը դարձնեն Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ հումանիտար աղետ հարուցելու համար, թէ ինչպես ոյժ կը կիրառեն տարեց քաղաքացիներու նկատմամբ, ովքեր բողոքի ձայն էին բարձրցուցած հէնց շրջակայ միջավայրին աղտոտման կապակցութեամբ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Շարուանկելով կը նշեն՝ արդեօ՞ք ներկայացուցիչը տեղեակ չի եղած 2020-2023 թթ․ Արցախի հայութեան նկատմամբ էթնիկ եւ ռասայական ատելութեան հիմքով իրականացուած էթնիկ զտման քաղաքականութեան մասին, որու հետեւանքով այսօր Արցախին ողջ հայ բնակչութիւնը վերածուած է փախստականի՝ զրկուած իր բնօրրան վերադարձին կէնսական իրաւունքէն։ Կը յաւելեն, որ հավանաբար ՄԱԿ-ին մէջ տեղեակ են նաեւ, որ նման քաղաքականութիւնն ամէնեւին նորոյթ չէ Բաքուի վարչակարգերու համար, որոնք 1988-1992 թթ․ իրականացուցած են պատմական Գարդմանի, Շիրուանի, Նախիջեւանի հայութեան էթնիկ զտումները եւ ատոնց հետեւած հայկական մշակութային միջավայրին ոչնչացումն ու պղծումը։

«Գարդման-Շիրուան-Նախիջեւան» համահայկական միութիւնը կը յորդորէ Բաքուին մէջ ՄԱԿ-ի մշտական ​​համակարգողին իր յայտարարութիւնները համապատասխանեցնիլ առկա իրողութիւններուն եւ չդառնալ Բաքուի վարչակարգին գործիքը միջազգային հանրութեանը մոլորեցնելու ճանապարհին։