Կը քննադատենք Բաքուի իշխանութիւններու իբր «թափանցիկ» եւ «ժողովրդավար» երեւալու անյոյս ճիգերը․ համահայկական միութիւն  

  • by Editbeglari, July 19, 2024 in Լուրեր
277 դիտում

Արտահերթ նախագահական ընտրութիւնները անցկցնելէն ետք Բաքուի Կեդրոնական ընտրական կոմիտէն այժմ ալ անցած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու «օրինականացմանը» եւ իշխող ռեժիմին յաւելեալ լեգիտիմացմանը։ Սակայն աս ակնյայտ բեմականացուած գործընթացը Բաքուի Կեդրոնական ընտրական կոմիտէի նախագահ Փանահով շարք մը զաւեշտալի յայտարարութիւններ է ըրած, որոնք իրականութենէ հեռու են ճիշտ այնքան, որքան Բաքուն ժողովրդավարութենէ։ Ասոր մասին կը գրէ «Գարդման-Շիրուան-Նախիջեւան» համահայկական միութիւնը։ 

Փանահով, խօսելով ընտրութիւններու իբր թափանցիկութեան մասին կարծես կը մոռնայ, որ Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութեան 2023ի զեկոյցն արդեն իսկ արձանագրած է, որ արտահերթ նախագահական ընտրութիւնները, կամ ատոր նախորդած պետական մարմիններու կազմաւորումը տեղի չի ունեցած ազատ եւ արդար ընտրութիւններու միջոցով։ 

Ան, կը նշէ նաեւ, որ «Բաքուն միակ պետութիւնն է, որտեղ ԶԼՄ-ները չեն գրանցուէր ընտրութիւնները դիտարկելու համար», սակայն Մ․ Փանահով կրկին կը մոռնայ, որ նոյն Freedom House-ը զրոյական է գնահատած մամուլին ազատութիւնն իրենց երկրին մէջ։ 

«Հետեւապէս, ինչու է անհրաժեշտ գրանցիլ ԶԼՄ-ներուն, եթէ ատկէ եւ ոչ մէկը չի արձանագրելու որեւէ ընտրախախտում, իսկ այն լրատուամիջոցները, որոնք կրնային արձանագրիլ, շուտունէ փակուած են, լրագրողները՝ ձերբակալուած կամ արտաքսուած»,- կը շեշտէ հայկական միութիւնը։

Բաքուէն ընդգծած են, որ ընտրութիւններուն հետեւելու համար կուգան պատւիրակութիւններ բոլոր մայրցամաքներէն։ Հայկական միութիւնն ալ կը նշէ՝ դժուար չէ յիշեցնիլ Բաքուի Կեդրոնական ընտրական կոմիտէի նախագահին, որ նախորդ նախագահական ընտրութիւններու ատեն Բաքուն անգամ դիտորդութեան յրաւեր չէր ղրկած ԵԽԽՎ-ին, նաեւ որու պատճառաւ ատրպէյճանական խորհրդարանական պատւիրակութիւնը մէկ տարով վտարուեցաւ ԵԽԽՎ-էն։ Հետեւաբար դիտորդներու հավանական բարձր ներկայացուածութիւնը ոչ թէ բարձր քաղաքական կամքի եւ թափանցիկութեան ու ժողովրդվարութեան ցուցիչ է, այլ պարզապէս միջազգային հանրութեան աչքին դժգոյն իրականութեամբ չներկայանալու էժան փորձ։

Խօսելով Արցախին մէջ ընտրատեղամասերու մասին՝ Փանահով կարծես թէ դարձեալ կը մոռնայ, որ ատոնք ստեղծուած են այն բնակավայրերու մէջ, որտեղէն հայ բնակչութիւնը ենթարկուած է էթնիկ զտման հումանիտար աղետի պայմաններու մէջ ապրելէ ետք։ Իսկ կրնայ արդէօ՞ք Փանահով պատասխանիլ այն հարցին, թէ ինչո՞ւ Բաքուն պատրաստ չէ միջազգային ամուր երաշխիքներու պայմաններուն ապահովիլ հայ բնակչութեան իրաւունքներու արմատական վերականագնումը։

«Գարդման-Շիրուան-Նախիջեւան» համահայկական միութիւնը խստորէն կը քննադատէ Բաքուի իշխանութիւններու «թափանցիկ» եւ «ժողովրդավար» երեւալու անյոյս ճիգերը՝ դրանք դիտարկելով որպէս միջոցներ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցանքներու կոծկման եւ ատոնց համար պաասխանատւութեան շրջանցման զազրելի գործընթացին մէջ։