Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատակիցներն Օգոստոսին այցելած են Ատրպէյճանին մէջ անազատութեամբ պահուող հայերուն, անոնց յնարաւորութիւն է տրուած կապ հաստատիլ ընտանիքին անդամներուն հետ, «Ազատութեան»-ը յայտնեց Կարմիր խաչի հայաստանեան գրասենեակին յաղորդակցութեան ծրագրերու պատասխանատու Զառա Ամատունին:
«Տեսակցութեան շրջանակը գնահատուած են պահպան պայմանները, առողջական վիճակը, անոնց հանդէպ վերաբերմունքը», – ըսաւ Ամատունին։
Ատրպէյճանի կողմէն Արցախին վրայ 19 Սեպտեմբերին ռազմական հարձակման հետեւանքով 16 անձ է գերեւարուած Գերեւարուածներու շարքին մէջ են նաեւ արցախցի 8 պաշտօնեաները՝ նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակո Սահակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, նախկին պետնախարար Ռուպէն Վարդանեան, Պաշտպանութեան բանակին նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան, ՊԲ հրամանատարին նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեան եւ նախկին արտգործնախարար Դաւիթ Բաբայեան:
Բաքուն անոնց ծանր մեղադրանքներ է առաջադրած։
