Կոստանդնուպոլսոյ հայկական գերեզմանատունը պղծած անձը կալանաւորուած է

  • by WesternArmenia, October 08, 2026 in Լուրեր
113 դիտում

Կոստանդնուպոլսոյ Սկիւտար թաղամասի Սուրբ Կարապետ հայկական գերեզմանատան վեց շիրիմներուն վնաս հասցնելու կասկածանքով ձերբակալուած անձը կալանաւորուած է։

Դէպքը տեղի ունեցած էր Յուլիս 7-ի լոյս 8-ի գիշերը։ Ոստիկանութեան քննութեան արդիւնքով կասկածեալի ինքնութիւնը ճշդուած եւ Յուլիս 9-ին ձերբակալուած էր։

Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը դատապարտած էր յարձակումը՝ զայն որակելով որպէս հայկական համայնքին սրբազան արժէքներուն եւ հանգուցեալներուն յաւիտենական հանգստավայրերուն դէմ ուղղուած անարգանք։