Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութիւնները նոր հարցեր կը յառաջացնեն երկրի անվտանգութեան եւ ռազմավարական առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ։ Պաքուի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ռազմական բախումներէ խուսափելու ձգտումը, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու լարուածութիւնը եւ Արեւմուտքի հետ համագործակցութեան խորացումը կը պահանջեն յստակօրէն հաշուարկուած ու համաձայնեցուած մօտեցում։
Առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Սիւնիքի անվտանգութիւնը։ Այս հարցին մէջ կարեւոր դեր ունի նաեւ Իրանը, որ բազմիցս շեշտած է Հայաստանի հարաւային սահմանին եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Արեւմուտքի հետ համագործակցութիւնն ու Իրանի աջակցութիւնը չեն կրնար ինքնին փոխարինել սեփական պաշտպանունակութեան ամրապնդման եւ անվտանգութեան յստակ երաշխիքներու ապահովման։
Հայաստանի առջեւ ծառացած հիմնական մարտահրաւէրը ոչ միայն արտաքին քաղաքական կողմնորոշման ընտրութիւնն է, այլեւ անվտանգութեան ամբողջական ու իրատեսական համակարգի մը ձեւաւորումը։ Երկրի կայունութիւնը կը պահանջէ սեփական պաշտպանական կարողութիւններու զարգացում, տարածաշրջանային շահերու հաւասարակշռում եւ արտաքին գործընկերներու հետ յարաբերութիւններու մէջ շրջահայեաց քաղաքականութեան վարում։
Փոքր պետութեան մը համար ռազմավարական յստակութիւնն ու կանխատեսելիութիւնը պետական անվտանգութեան կարեւոր նախապայմաններ են։ Առանց անոնց՝ արտաքին քաղաքականութեան վերադասաւորումները կրնան վտանգները նուազեցնելու փոխարէն՝ Հայաստանը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ դնել։
