2018-ի «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք Նիկոլ Փաշինեան եկաւ իշխանութեան՝ խոստանալով փչացման դէմ պայքար։ Այս ոլորտին մէջ որոշ նախնական քայլեր կատարուեցան, բայց անոր ամբողջ կառավարման շրջանը բնորոշուեցաւ ոչ թէ յաղթանակներով, այլ ծանր կորուստներով․ Արցախի պարտութիւնը, Հայաստանի տարածքէն շուրջ 220 քառ. քիլոմեթրերու բռնագրաւումը Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի մէջ, եւ վերջապէս՝ Տաւուշի սահմանային զիջումները։
Փաշինեանի «Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ» կարգախօսը աստիճանաբար փոխարինուեցաւ պարտութեան ընդունմամբ եւ Արցախի 120.000 բնակչութեան բռնի արտագաղթով։ Այսօր վարչապետը կը ձգտի խաղաղութեան պայմանագրի՝ նոր զիջումներու գնով։
Ատրպէյճան բազմապատիկ կերպով կը մեծցնէ իր ռազմական բիւջէն, մինչ Երեւանը կը սահմանափակուի մօտաւորապէս 1,7 միլիառ տոլարով, նոյնիսկ կրճատելով պարտադիր զինուորական ծառայութեան տեւողութիւնը։ Փաշինեանի այս «խոնարհ քաղաքականութիւնը» նաեւ խորհրդանշական քայլերու մէջ կը դրսեւորուի․ պետական կնիքերէն Արարատի Մասիսի պատկերի հեռացումը, սահմանադրական փոփոխութիւններու հեռանկարը, որոնք գործնականօրէն մոռացութեան կը մատնեն թէ՛ Արցախը, թէ՛ Արարատ Մասիսը։
Վերլուծաբաններու գնահատումով՝ այս ընթացքը ծանր հարուած կը հասցնէ հայ ժողովուրդի ինքնութեան։ Քանզի հայ ինքնութիւնը դարեր շարունակ կերտուած է Արեւմտեան Հայաստանի, Արարատի, մշակոյթի եւ ազգային իտեալի շուրջ։ Առանց այդ իտեալի՝ հայութիւնը կրնայ վերածուիլ սովորական, փոքրաթիւ ու վտանգուած համայնքի՝ թշնամական միջավայրի մէջ։
